2016-04-01 09:16:00

Գերապայծառ Վիկանօ` ''Պապին քարոզները կը տանին դէպի Աւետարանին սիրտը''


(Ռատիօ Վատիկան) ''Խոկումներ ս. Տարւոյն համար''` վերնագիրն է Gianpiero Gamaleri լրագրողի Վատիկանի ''Lev'' տպագրատունէն լոյս տեսած նոր հատորին որ ներկայացուեցաւ Ռատիովատիկանի Մարքոնի սրահին մէջ։ Հատորը կը ներփակէ ֆրանչիսկոս Պապի առօրեայ Աւետարանի մեկնութիւնները, որ հեղինակը կ՝արտատպէ “Il mio Papa” շաբաթաթերթին մէջ։

Հատորին ներկայացումին մասնակցեցաւ Վատիկանի հաղորդակցութեան քարտուղարութեան կառավարիչը` գերապայծառ Վիկանօ, խօսելով ֆրանչիսկոս Պապի քարոզներու առանձնայատկութեան ու հաղորդական ոճին մասին։ Իմ գնահատումովս, ըսաւ գերապայծառ Վիկանօ, այս քարոզները դարձած են իւրայատուկ գրական սեռ մը, որուն ընդմէջէն Նորին Սրբութիւնը ինքնիրեն ու պատարագի մասնակցողներուն հարցադրանքներ կ՛ուղղէ Յիսուսի խօսքերու մասին, որոնք մեզ կը հրաւիրեն աւելիով խոկալու այդ խօսքերու մասին ու անոնց իմաստի մասին։ Այդպէսով բնագիրը կը դառնայ մտերիմ եւ առիթ կը ստեղծէ Աստուծոյ աչքով դիտելու աշխարհը, դէպքերը ու մեր յարաբերութիւնները։

Քահանայապետի Աւետարանի մեկնաբանութեան ոճը պատմողի մը ոճ է եւ ոչ վերացական - ըսաւ ապա Գերապայծառ Վիկանօ մատնանշելով թէ Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ` օրինակներ կը բերէ ապրած կեանքէն եւ մասնակից կը դարձնէ ունկնդիրը իր խօսքին ու իր կեանքին։

Վերոնշեալ հատորին հեղինակը` Gianpiero Gamaleri, իր կարգին պատասխանելով ռատիովատիկանի հարցումներուն ըսաւ. ֆրանչիսկոս Պապը հաղորդական ըլլալով, յաճախ ինքնաբուխ խօսքեր կամ միջամտութիւններ կը կատարէ քարոզին ընթացքին, հիմնուելով առօրեայ դէպքերուն վրայ, եւ այդ պատճառաւ անոր քարոզները արտակարգ յաջողութիւն կը գտնեն ունկնդիրներուն մօտ։

''Խոկումներ ս. Տարւոյն համար'' հատորը մեծապէս կարող է օգնել ուխտաւորին որ կը պատրաստուի անցնիլ Սուրբ Դուռէն, քանի անոր մէջ պարունակուած են նաեւ խորհրդածութիւններ` Աստուծոյ անհուն ողորմութեան մասին։ Քահանայապետը արդարեւ ստէպ կը կրկնէ ''յիշեցէք որ Աստուած մեզի մօտ է, ու չդադրիր մեզ ներելէ''։ Ան վերջերս նոյնիսկ հաստատեց որ ''Աստուած կը մոռնայ մեր կատարած ամենածանր մեղքերը''։ Ֆրանչիսկոս Պապին բոլոր խօսքերը կը բխին ողորմութեան իմաստէն, որ իսկական նիւթն է արտակարգ ս. Տարւոյն։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.